2008-11-11 14:08:34

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` կարտինալ Պառական մամուլին կը ներկայացնէ 23-րդ գիտաժողովի աշխատանքները`հիւանդ մանուկներու հովուական խնամատարութիւնը նիւթին մասին։


երեքշաբթի 10 նոյեմբեր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ կարտնալ Պառական` նախագահը առողջապահութեան հովութեան քահայանապետական խորհուրդի, մամուլին ներկայացու 23-րդ գիտաժողովի աշխատանքները` հիւանդ մանուկներու հովուական խնամատարութիւնը նիւթին մասին։ Աշխատանքները պիտի սկսին նոյեմբեր 13-15։



Միլանոյի առաջնորդը Սրբազան Քահանայապետին կը յանձնէ Ամբորզեան ծէսի նոր ճաշոցը

Կարտինալ Dionigi Tettamanzi` առաջնորդը Միլանօ թեմին, չորեքշաբթի օրը ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պիտի յանձնէ ամբրոզեան ծէսի նոր ճաշոցին առաջին երկու հատորները։ Իսկ յետմիջօրէին ս. Պօղոս պազելիքայի մէջ, հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Պօղոսեան յոբելեան տարւոյն առթիւ։ Ուխտագնացութեան կը մասնակցին աւելի քան հազար հաւատացեալներ։ Ամբրոզեալ նոր ճաշոցը ի զօրու պիտի ըլլայ Յիսնակաց շրջանէն սկսեալ։



Վերջ գտաւ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի լիանիստ ժողովը։

Նոյեմբեր 4-9 ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը իր ընդհանուր ժողովը գումարեց Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը` կրօնական անտարբերութիւնը ու եկեղեցւոյ տեսանելիութիւնը թեմայով։

ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի աշնանային ընդհանուր ժողովին գլխաւոր նիւթերը եղան. կրօնական անտարբերութիւնը, եկեղեցւոյ տեսանելիութիւնը, կենսաբարոյականութիւնը եւ վերակենդանացնել մեր եկեղեցիները։ Նոյնպէս եպիսկոպոսները շոշափեցին ապագայ քահանաներու կազմաւորման հարցը։ Ժողովին, ֆրանսայի եպիսկոպոսները նաեւ խօսեցան միջկրօնական երկխօսութեան հիմերու մասին։ Եպիսկոպոսները որոշեցին աշխատանքային երկու նոր խումբեր հաստատել` առաջինը կաթողիկէ կրօնուսուցումը բարձր դասարաններու համար, իսկ եկրորդը` աղքատութեան նոր երեւոյթներու ի խնդիր։ ֆրանսայի եպիսկոպոսներու դասի նախագահը փարիզի կարտինալ André Vingt-Trois, եզրափակելով աշխատանքները հրաւիրեց ֆրանսայի եկեղեցւոյ պատասխանատուները վերակենդանացնելու եկեղեցիները հաստատելով. մենք պահակը չենք եկեղեցական ժառանգութեան մը այլ կանչուած ենք ըլլալու ողջ գործիչները ու ճառագայթողները այդ պատմական ժառանգութեան։ Մեր եկեղեցիները բաց պիտի մնան ու պիտի ապրին եթէ մենք զանոնք ապրեցնենք մեր կեանքով ու աղօթքով, եթէ անոնք դառնան ճշմարիտ տուն մը, ուր կը հաւաքուին քրիստոնեաները Աստուծոյ հետ հանդիպում ունենալու համար։ Նշենք թէ ֆրանսայի եպիսկոպոսներու Ժողովին կը մասնակցէր արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Ղապրոյեան առաջնորդը ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.